
Արցախեան ազատամարտի հերոս, գնդապետ-զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս) կ՛առաջարկէ կանխարգելիչ հարուածներ հասցնել ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծի այն հատուածներուն մէջ, ուրկէ հակառակորդը վերջին շրջանին հետախուզական ներթափանցման փորձեր կատարեց:
«Ես կը կարծեմ, որ մենք չենք կրնար սպասել, որ մեր վրայ ամէն անգամ յարձակին, իսկ մենք պաշտպանուինք: Եթէ անոնց չհարուածենք, անոնք մեզի անընդհատ պիտի պահեն լարուածութեան մէջ, մենք ալ պիտի մտածենք, որ անոնք այնքան զօրաւոր են, պիտի յարձակին մեր վրայ: Աւելի լաւ է, որ կանխարգելիչ հարուածներ հասցնենք անոնց: Ատիկա ընդունուած է ամբողջ աշխարհին մէջ, երկու հարիւր տարի է ատիկա կը կիրարկուի», Ըսաւ Արկադի Տէր Թադեւոսեան:
Քոմանտոսը յստակացուց, որ ինք չ՛առաջարկեր պատերազմական գործողութիւններ սկսիլ. «Կը կրկնեմ, ես չեմ առաջարկեր պատերազմ յայտարարել Ազրպէյճանի դէմ: Պարզապէս պէտք չէ մեր հանրութիւնը պահել այնպիսի վիճակի մէջ, որ անընդհատ սպասենք` Ազրպէյճան պիտի յարձակի՞ մեր վրայ, թէ՞ ոչ»:
Արցախի հերոսի կոչման արժանացած բարձրաստիճան զինուորականը վստահեցուց, որ Ազրպէյճան պատրաստ չէ պատերազմի. «Անոնց զօրքերը պատրաստ չեն զինուորական գործողութիւններու, այդ մասին գնահատականներ տուած են թէ՛ ՕԹԱՆ-ի եւ թէ՛ Թուրքիոյ զինուորական փորձագէտները»:
«Սահմանային շփման գիծին վրայ կանխարգելիչ գործողութիւններու առաջարկը պէտք է ներկայացնել հանրութեան դատին», ըսաւ զօրավար Տէր Թադեւոսեան:


