Շրջանի` Իրաքի թէ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, յատկապէս` Արսալի ապահովութեան դէպքերուն լոյսին տակ, դիւանագիտական եռուն հաղորդակցութիւններ կայացուեցան երէկ` զօրաշարժի մատնելով պատկան կողմերը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին իր մօտ կանչեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ հինգ պետութեանց դեսպանները` անոնց հետ քննարկելով շրջանի եւ Լիբանանի ապահովական վերջին իրադարձութիւններն ու անոնց հետեւանքը Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին վրայ:
Պըրրի պահանջեց փութացնել լիբանանեան բանակին խոստացուած զինումը թէ զինամթերքի առաքումը, ի հարկին` շրջանցելով ընդունուած աշխատակարգը: Այն Թինէի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ դեսպաններուն եւ Ֆրանսայի ու Չինաստանի դեսպանատան գործավարներուն եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ իր խորհրդակցութեան ընթացքին Պըրրի անոնց պարզեց Լիբանանի սպառնացող վտանգները: Պըրրի զգուշացուց Արսալի դէպքերուն կրկնութենէն եւ անոնց դէպի (լիբանանեան) այլ շրջաններ ծաւալումէն:
Այս առիթով Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին ու անոր բանակին` նշելով, որ բանակցութիւններու նոր հանգրուան մը սկսած է` սէուտական մէկ միլիառ տոլարի վերջին նուիրատուութեամբ ռուսական զէնքեր գնելու լիբանանեան բանակին: Վերահաստատելով Ռուսիոյ դերը` ահաբեկչութեան դէմ դնելու ճիգերու մերձեցման գծով, դեսպան Զասպիքին պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց, որ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակն է, որ կը կռուի (ահաբեկիչներուն դէմ):
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ հաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ անոր բանակին` զգուշացնելով, որ ահաբեկչական խմբաւորումները կը փորձեն երկպառակութիւն եւ քաոսային վիճակ ստեղծել շրջանին մէջ, ինչ որ իր ժխտական հետեւանքը կրնայ ունենալ նաեւ Լիբանանի վրայ:
Նաեւ Ռապիէի Մէջ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին ու Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Հանտին: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի ու Լիբանանի իրավիճակը:
Իր կարգին, նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի եւ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի հետ:


