Հարաւային Լիբանանի Տհայրա եւ Ալմա Շաապ շրջանին միջեւ գտնուող անտառներուն մէջ լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան գտաւ մարտկոցներ, որոնք շաբաթ գիշեր անծանօթներու կողմէ օգտագործուած էին` բռնագրաւուած Պաղեստինի հիւսիսային շրջանին դէմ երկու հրթիռ արձակելու նպատակով:
Հրթիռները մարդկային կամ նիւթական վնասներ չէին պատճառած:
Իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրներ Լիբանանը պատասխանատու նկատեցին այդ ռմբակոծումին, ինչպէս նաեւ նշեցին, որ իսրայէլեան ուժերը հրասայլով ռմբակոծած են այն շրջանը, ուրկէ արձակուած են հրթիռները:
Իր կարգին, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը հաստատեցին հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ հրթիռարձակումն ու Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան շրջաններու ռմբակոծումը եւ երկու կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու կոչ ուղղեց:
Նշենք, որ ապահովական այս խախտումին մասին ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը հետաքննութիւն բացաւ:


