Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, երէկ ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ նախարարներ Աքրամ Շեհայէպի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, այցելեց Քայֆուն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան եւ դիմաւորուեցաւ Հըզպալլայի ու Ամալ շարժումի պատասխանատուներուն կողմէ:
Քայֆունի մէջ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ զօրակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ պէտք չէ բանակին կարողութիւնները կասկածի տակ առնել:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիբանանցիներուն պայքարը տակաւին իր սկզբնական շրջանին մէջ է: Ան զարմանք յայտնեց ՏԱՀԵՇ-ը Հըզպալլային նմանցնելու քայլին առնչութեամբ եւ ընդգծեց, որ անիկա թեթեւամիտ քայլ մըն է, «մենք ունինք մէկ թշնամի, որ ՏԱՀԵՇ-ն է, եւ մենք պէտք է պայքարինք անոր դէմ», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահութեան` ան շեշտեց, որ այդ պաշտօնը միայն քրիստոնեաներուն չի պատկանիր, այլ նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն` ընդգծելով, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը Լիբանանին վնաս կը հասցնէ, հետեւաբար անիկա կտրականապէս մերժուած է:
Այս իմաստով Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ պիտի քննարկէ այդ հարցին լուծման կարելիութիւնները:
Ապա Ժոմպլաթ ուղղուեցաւ Պայսուր, ուր այցելեց երեսփոխան Ղազի Արիտիի բնակարանը:
Ժոմպլաթ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ըսաւ. «Այսօր յիշատակի օրն է Պայսուրի նահատակներուն եւ բոլոր այն զոհերուն, որոնք նահատակուեցան Իսրայէլին դիմադրելու ընթացքին: Հետեւաբար այսօր յիշատակելի օր մըն է, որուն ընթացքին կ՛ողջունեմ բոլորը առանց բացառութեան, բոլոր նահատակները, որոնք առանց նախապայմանի ազատագրեցին հարաւային Լիբանանը»:
Ժոմպլաթ ընդգծեց լիբանանեան բազմազանութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը եւ հաւատադրժողականներուն դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Պայսուր այցելութեան շրջագիծին մէջ, Ժոմպլաթ այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի բնակարանը:
Այս առիթով, Արսլան շեշտեց լիբանանեան բանակին կառչած մնալու եւ զայն զինելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ան կարենայ պաշտպանել լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Արսլան նշեց, որ Լիբանանին բազմաթիւ վտանգներ կը սպառնան` աւելցնելով, որ նման լուրջ վտանգներու դիմաց կարելի չէ երկմտիլ եւ ժամանակ կորսնցնել, ինչպէս նաեւ քաղաքական մանրուքներով զբաղիլ:
Արսլան ողջունեց Սուրիոյ մէջ նահատակուած Դիմադրութեան մարտիկները` հաստատելով, որ Լեռնալիբանանի մէջ իրենց կեցուածքը միասնական պիտի մնայ եւ հաւատադրժողական ալիքին դէմ պայքարը պիտի շարունակուի:


