ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շաբաթավերջը պիտի անցնի հիւրեր ընդունելու աշխատանքով: Սեղանի մը շուրջ պիտի խմբուին ձեր հարազատները, որոնք շատ ուրախ պիտի ըլլան այս համախմբումին համար, քանի որ երկար ատենէ ի վեր զիրար չէին տեսած:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տէրը եղէք ձեր ջիղերուն, երբ ձեր գործակիցներուն հետ հարց մը լուծելու ստիպուած ըլլաք: Ճիշդ ընկալեցէք անոնց արտայայտած կարծիքները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Քալեցէք ձեր որոշած ուղեգիծով: Պէտք չունիք այլոց տեսակէտին: Հետեւեցէք միայն ձեր ներքին ու խղճի ձայնին: Յաջողութիւնը ձեզի հետ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ պատասխանէք բթամիտ անձի մը խօսքերուն, առաջարկներուն: Ան կ՛ուզէ համոզել ձեր իր անկեղծութեան մասին, պարզապէս կ՛ուզէ շահագործել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բնութիւնը լաւագոյն ուսուցիչն է` կեանքի հանգրուանները կենսաւորելու: Տարուան եղանակները կը քաջալերեն, կը մխիթարեն: Իմաստութիւն է այսպիսի ընթացք ունենալը: Օրը արդիւնաւէտ է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընկերային հաճելի պտոյտ մը պիտի ունենաք շաբաթավերջին: Այս հանդիպումով պիտի կարենաք որդեգրել նոր ծրագիրներ` միասնաբար կատարելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երբեմն կը յուսալքուիք ձախողութեան մը պարագային, ինչ որ սխալ է: Ասիկա կը թելադրէ վերանայիլ ձեր աշխատանքին` թերիները սրբագրելու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խնճոյքի մը հրաւէր ունիք, ներկայ եղէք, որովհետեւ ձեր ներկայութիւնը փափաքելի կը նկատուի: Մնացէք ընկերասէր եւ հաճոյակատար անձ մը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ապագան ձեր դիմացն է, կրնաք նոր ծրագիրներ մշակել` ըստ ձեր կարողականութեան: Դժուարութիւնները յաղթահարելը ապաւինեցէք ձեր կամքին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Իրարու վրայ դիզուած գործեր ունիք, աճապարանքով մի՛ աշխատիք, որպէսզի կիսաւարտ չմնայ կամ սխալներ չունենաք անգիտակցաբար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այս շաբաթավերջին մեկուսացած մնացէք, որպէսզի կարենաք յառաջիկայ շաբթուան ձեր ստանձնած աշխատանքը յաջողութեամբ պսակել: Մի՛ յուսահատիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարեւոր պարտականութիւն մը աւարտած ըլլալու գոհունակութիւնը պիտի զգաք: Այս ներշնչումը պիտի խթանէ ձեզ` նոր իրագործումներու ձեռնարկելու:
