Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանական Ուժերը Չեն Ենթարկուիր Հրամանատարութեան»

August 23, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

VS4CxbpdHVpEaztukzVaO5fiVl17- 22  օգոստոսին ազրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել զինադադարը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն վրայ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած  տուեալներուն, նոյն ժամանակամիջոցին  ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ  հակառակորդը  զինադադարը շուրջ 240 անգամ խախտած է, եւ այդ ընթացքին, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած  են աւելի քան 1900 կրակոցներ:

Հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագիծին վրայ 17- 22 օգոստոսին հակառակորդը զինադադարը խախտած Է շուրջ 48 անգամ, տարբեր տրամաչափի զէնքերով հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 300 կրակոց:

Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հիմնականին մէջ  հաւատարիմ մնացած են  զինադադարին եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային` վստահօրէն վերահսկելով իրենց պահպանութեան ներքեւ գտնուող դիրքերուն:

Ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի պարբերական խախտումները հերթական անգամ կը վկայեն, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու եւ  պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը միտումնաւոր կը դիմէ  սադրիչ գործողութիւններու,  հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ  արհեստական լարուածութիւն ստեղծելու նպատակով, կամ` ազրպէյճանական զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ տեղակայուած ստորաբաժանումները չեն ենթարկուիր կեդրոնական հրամանատարութեան, զբաղած են ինքնագլուխ գործունէութեամբ եւ հաշուետու չեն հրամանատարութեան` սպառած ռազմամթերքի համար, եթէ, անշուշտ, նման հաշուետուութիւն Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն մէջ ընդհանրապէս կը կատարուի:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ ազրպէյճանական կողմին զերծ մնալու իրավիճակի լարման ուղղուած քայլերէ  եւ գործուն միջոցներ ձեռնարկելու սահմանագիծին վրայ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի  զինեալ ուժերը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակին սահմանագիծին ամբողջ երկայնքին, խստօրէն կը հետեւին զինադադարի դրութեան պահպանման: Հայ զինուորները իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող նպատակային խախտումներու պարագային:

Նախորդը

Յունաստանի Խորհրդարանը Ցեղասպանութեան Հերքումը Քրէականացնող Օրինագիծ Պիտի Ընդունի

Յաջորդը

«Ազրպէյճանցի Պաշտօնատարին Յայտարարութիւնը Գռեհիկ Ապատեղեկատուութիւն Է» Կ՛ըսէ Արծրուն Յովհաննիսեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.