Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` անոր ընտրութեան առիթով:
Միքաթի իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Էրտողանին:
Միւս կողմէ, Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` անոր իբրեւ վարչապետութեան թեկնածու առաջադրուելուն առիթով:


