Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Թուրքիոյ վարչապետի թեկնածու Ահմեթ Տաւութօղլուի:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Տաւութօղլու թրքական դիւանագիտութեան պետի իր փորձառութեամբ նպաստած է շրջանային առումով Թուրքիոյ դերակատարութեան ամրապնդումին եւ Թուրքիան վերադարձնելու իր պատմական դիրքին ու ունեցած կշիռին:
Ժոմպլաթ յոյս յայտնեց, որ Տաւութօղլու իր նոր պաշտօնին ընդմէջէն թրքական քաղաքականութեան տեսակարար նորութիւն մը կրնայ բերել` պահպանելու համար երկրին ժողովրդավարութիւնն ու բազմազանութիւնը:
Ժոմպլաթ շնորհաւորեց նաեւ թուրքերը, որոնք ժողովրդավարական հոլովոյթներու ալիքին մէջ ներդրում կ՛ունենան` ազգային բարձր գիտակցութեամբ:


