
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որ պատրիարքին յանձնեց Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 94-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկի մը հրաւէրը:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բարգաւաճման համար որդեգրուած նոր ծրագիրները:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, որ հաստատեց, որ քննարկուած են Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին դիմագրաւած ծանր պայմանները:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ մաղթեց, որ Արեւելքի կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր պետերուն հետ Իրաք ուղղուելու Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութիւնը հետեւողական ըլլայ` աւելցնելով, որ դէպի Հռոմ այցելութիւն մը նախատեսուած է:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ Արեւմուտքը իր կարգին պէտք է զգուշանայ այս վտանգէն եւ այդ մէկը կատարելու համար ան պէտք է պայքարի հաւատադրժողականներուն դէմ:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան վերաբերող տարօրինակ եւ արտառոց օրինագիծերու առաջադրութեան` Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք 25 տարի առաջ ներկայացուցած է օրինագիծ մը` հանրապետութեան նախագահը ուղղակի ժողովուրդին քուէարկութեամբ ընտրելու առումով, սակայն այսօր նման առաջարկ մը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքին վրայ, որ հանրապետութեան նախագահի խիստ կարիք ունի:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան արձանագրած յապաղումը Լիբանանի նախագահական դիրքին, քրիստոնեաներուն դերակատարութեան եւ Լիբանանի վստահելիութեան նկատմամբ դասալքութիւն է:


