Ժողովրդային եւ յատկապէս քաղաքական ղեկավարներու մտահոգութիւնները կեդրոնացած են առաւելաբար երկրի նախագահի թափուր աթոռին, խորհրդարանական ընտրութեանց ժամկէտը յարգելու անհրաժեշտութեան, քաղաքացիներու, յատկապէս` ուսուցիչներու եւ ուսանողներու պահանջներուն եւ ապրուստի տարրական այլ պահանջներու վրայ: Պահանջներ, որոնք «համեմուած» մերձակայ երկիրներէն (Իրաք, Սուրիա, Պաղեստին…) հասնող ապահովական թէ քաղաքական անբաղձալի տեղեկութիւններով, յուսալքումի եւ յոռետեսութեան մղող մթնոլորտ կը ստեղծեն, յատկապէս երբ հետզհետէ կը շեշտուի այն վարկածը, թէ Լիբանանի կացութեան բարելաւումը կախեալ է շրջանային թէ միջազգային կապերու արդիւնաւէտութենէն:
Այս իմաստով, տեղական թէ արտաքին որոշ կեցուածքներ ու իրադարձութիւններ կու գան նոր յոյս ներշնչելու հարցերու բարեյաջող լուծման գծով: Արդարեւ, կարգ մը աղբիւրներ քուէյթեան «Նահար» թերթին յայտնած են, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այս անգամ Լիբանան կը վերադառնայ միայն նախագահական ընտրութեան գոհացուցիչ լուծման եւ խորհրդարանական ընտրութեանց ճամբայ հարթող համապարփակ լուծման կանաչ լոյսով: Այս ծիրին մէջ, քաղաքական լաւատեղեակ աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» թերթին յայտնած են համապարփակ լուծման գծով լիբանանեան զանազան կողմերու թափած ճիգերուն եւ գոյութիւն ունեցող ուղղութեան մը մասին, որ կ՛ընդգրկէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ նախագահական ընտրութեան կայացումը: «Այս լուծումը տակաւին կը դիմագրաւէ որոշ դժուարութիւններ, սակայն գրեթէ բոլոր լիբանանեան կողմերը կը գիտակցին, թէ կը գտնուին նման հաւանականութեան հրամայականին առջեւ, նախքան խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտի ժամկէտը», նշած են նոյն աղբիւրները:
Նմանապէս, «Ախպար» օրաթերթը արեւմտեան շրջանակներու խորհրդակցութեանց քաջածանօթ աղբիւրի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները, կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանի խորհրդակցութիւնները Սոչիի մէջ ընդգրկած են նաեւ Լիբանանի իրավիճակը, որ «պիտի թեւակոխէ տարբեր հանգրուան մը եւ նոր իրականութիւն մը, յատկապէս նախագահի ընտրութեան գծով եւ ուր Դամասկոս, նախագահ Պաշշար Ասատի դերակատարութեամբ, իր խօսքը պիտի ունենայ այս գծով»: Այլ խօսքով, նորընտիր նախագահը ընդունելի պէտք է ըլլայ նաեւ Սուրիոյ կողմէ: Իսկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կոչը` շրջանի ու յատկապէս Իրաքի քրիստոնեաներուն գծով միջազգային վեհաժողովի մը գումարումը, կու գայ «տաք կրակ»-ի վրայ դնելու շրջանի կացութեան դասաւորման ճիգերը, որոնցմէ անպայման Լիբանան եւս իր դրական ազդեցութիւնը պիտի կրէ:
Նոյն ծիրին մէջ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը լաւատեղեակ աղբիւրներու կը վերագրէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթի դարձեալ Ռապիէ այցելութիւնը, զօրավար Միշել Աունի մօտ, ինչ որ ենթահող կրնայ պատրաստել Լիբանանի մէջ մօտալուտ դրական զարգացումներու:


