Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 19, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ այս շաբթուան ընթացքին` այսօր եւ հինգշաբթի, 21 օգոստոս 2014-ին, երկու կարեւոր նիստեր պիտի գումարէ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած երգիչ Ֆատըլ Շաքեր Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ նշմարուած է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը հաստատէ, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու որոշումը իսլամ համայնքը չէ, որ կ՛արգելակէ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ ինք իր պարտականութիւնը ամբողջովին կատարած է` երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու առումով ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու իմաստով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ օրերուն Լիբանանը պիտի վկայէ քաղաքական աշխուժ օրեր` ղեկավար մակարդակի վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ոչինչ սորված է անցեալի եւ ներկայի պատահարներէն:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի հարցերու պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան նիստին ընթացքին ընտրական խորհուրդներն ու մարմինները աշխատանքի հրաւիրելու ներքին գործոց նախարարութեան շրջաբերականը արծարծուի, ապա իրենք պիտի վաւերացնեն զայն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ կայ համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու փոխարէն` աշխատավարձի յաւելումները պիտի վաւերացուին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն, կը գրէ, թէ երկրին պայմանները այսօր փոխուած են, եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը փաստած է իր ապարդիւն ըլլալու իրականութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց սուտասանութեան վերջ տալու եւ յարգելու քրիստոնեաներուն կամքը` երեսփոխանական եւ նախագահական առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառը տկար ազդեցութիւն ունէր` նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութեան ձախողութիւնը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Արսալի մէջ գերեվարուած զինուորները ազատ արձակելու առումով բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Հըզպալլա շրջանին ՏԱՀԵՇ-ներէն մէկը կը նկատուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ ընդգծեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն գերեվարուած երկու անդամները ազատ արձակելու քայլը դրական է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան. ան աւելցուց նաեւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը իր կարգին խոստմնալից է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը հիմնական կողմ կը նկատուի եւ անիկա պէտք է մտածէ իր դիրքերը հզօրացնելու մասին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան որոշ իրավիճակներ, որոնք  հաւատադրժողական չեն, սակայն ծայրայեղական են եւ տարբեր վարչակարգերու եւ գոյացութիւններու վտանգ կը սպառնան:

ՍՈՒՐԻ կրօնաւորներու հանդիպումի նախագահ շէյխ Ալի Եասին շեշտեց, որ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներուն նկատմամբ պէտք է խիստ ու կարծր վարուելակերպ ցուցաբերել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ իրենց կեցուածքը յստակ է` սահմանադրական ժամկէտները եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անմիջականութիւնը յարգելու իմաստով:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ճարտարարուեստը արհեստագիտութեան եւ անհատներու ու ընկերութիւններու հարստութեան բանալին է:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ իրենք կը հաւատան լիբանանեան պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ սահմանադրական իշխանութիւններուն օրինականութեան:

 

 

Նախորդը

«Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Քառակողմ Բանակցութիւններուն Մէջ Որոշակի Յառաջընթաց Կայ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Ֆայեզ Ղոսըն. «Արսալի Ճակատամարտին Ընթացքին Աւելի Լաւ Ձեւով Կարելի Էր Դիմադրել»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.