Պաշտպանութեան նախկին նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ 20 դեկտեմբեր 2011-ին իր կատարած յայտարարութիւնը, թէ Արսալի մէջ Քայիտայի անդամներ նշմարուած են, պատճառ դարձած է, որ ոմանք զինք ամբաստանեն եւ իր հասցէին ցեխարձակումներ կատարեն:
Ղոսըն հաստատեց, որ օրին ինք այդ յայտարարութիւնը չէ կատարած քաղաքական շահերէ մեկնելով, այլ` իբրեւ երկրին պաշտպանութեան նախարարը, որուն այդ մասին յստակ տեղեկութիւններ հասած են:
Ան ընդգծեց, որ ինք այդ յայտարարութեամբ փափաքած է բոլորը իրենց պատասխանատուութեան դիմաց դնել: «Հետեւաբար, եթէ օրին զգուշացումս մտահոգէր քաղաքական կողմերը եւ անոնք դիմէին համապատասխան քայլերուն, Արսալը աւելի ապահով վայր մը կրնար ըլլալ»:
Ղոսըն շեշտեց, որ եթէ քաղաքական ճնշումներ չըլլային, Արսալի ճակատամարտին ընթացքին աւելի լաւ ձեւով կարելի էր դիմադրել` աւելցնելով, որ վտանգը տակաւին առկայ է, եւ իրենք բոլորը միասին պիտի ըլլան` պահպանելու համար Լիբանանը:


