Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Քառակողմ Բանակցութիւններուն Մէջ Որոշակի Յառաջընթաց Կայ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

August 19, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0818_Berlin«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Պերլինի մէջ Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումէն ետք, որուն ընթացքին գրեթէ հինգ ժամ քննարկուած են ուքրանական տագնապէն դուրս գալու ուղիները, յայտարարած է, որ կողմերուն միջեւ աննշան մերձեցում արձանագրուած է:

«Այսօր` օրուան երկրորդ կիսուն եւ երեկոյեան, մենք միասին բազմաթիւ ժամեր անցուցած ենք: Անոնք հանդիպումներ են, որոնց ընթացքին կը փորձենք խօսիլ անկեղծ, որովհետեւ այս իրավիճակին մէջ ատիկա անհրաժեշտ է: Ծանր զրոյց եղած է, սակայն կը կարծեմ եւ յոյս ունիմ, որ մենք որոշ կէտերու մէջ հասած ենք յառաջընթացի: Բանակցութիւններուն նպատակն է` օգտագործել գոյութիւն ունեցող բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի Ուքրանիոյ մէջ, վերջապէս, դադրեցուի կրակոցը` հետագայ զոհերէն խուսափելու համար», յայտարարած է գերմանացի նախարարը:

Հանդիպումին արդիւնքներուն մասին պիտի զեկուցուի պետութիւններու ղեկավարներուն, հետագայ բանակցութիւններուն ձեւաչափը պիտի որոշուի յառաջիկայ օրերուն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով առանց մամուլին հետ խօսելու լքած է բանակցութիւններուն վայրը: Իսկ անոր ուքրանացի պաշտօնակից Փաւել Քլիմքին բանակցութիւններէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Հինգ ժամ դժուարագոյն զրոյց: Սակայն, հաւանաբար, տեղէն շարժելու համար բազմաթիւ հինգ ժամեր անհրաժեշտ են: Չի կրնար ըլլալ փոխզիջում տեղ մը, ուր պետութիւնը պէտք է կտրէ կարմիր գիծը: Ուքրանիան զայն պիտի չկտրէ»:

Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ «կիրակի օր Պերլինի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպումին ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի եւ քաղաքական լուծման հարցով որեւէ յառաջընթաց չարձանագրուեցաւ»` աւելցնելով, որ այն կէտերը, որոնց վերաբերեալ դրական յառաջընթացի մասին կարելի չէ խօսիլ, ամէն բանէ առաջ զինադադարն ու քաղաքական լուծումն են:

Միւս կողմէ, Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար Ֆիլիփ Պրիտլաւ յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ Խրիմի մէջ կատարածին նման Ռուսիոյ բանակին Ուքրանիոյ մուտք գործելու որեւէ արարքի պիտի հակադարձէ:

Նախորդը

Իրանի Գաղտնի Սպասարկութիւնները Տասնեակ Մը Ազրպէյճանցիներ Ձերբակալած Են

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.