Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը` յղում կատարելով իրանեան լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Իրանի անվտանգութեան եւ տեղեկատուութեան կազմակերպութիւնը (ԷԹԹԵԼԱԱԹ) ձերբակալած է տասնեակ մը ազրպէյճանցիներ, որոնք փորձած են քայլարշաւ կատարել դէպի Սաւալան լեռ:
Ձերբակալուածներու շարքին են ազրպէյճանցի յայտնի գործիչներ Հասան Ճոլանի, Ճաֆար Ռուսթամի, Հապիպ Նակահապան, Ֆարհատ Ասլանի, Սայիտ Հոսէյնի եւ ուրիշներ:
Անոնց մեղադրանք ներկայացուած է իսլամական վարչակարգին դէմ անօրինական գործողութիւններ կատարելու համար:
Սալաւան լեռը Իրանի ազրպէյճանցիներուն համար իրենց անկախութեան հասնելու խորհրդանիշն է: Ամէն տարի ազրպէյճանցիները նշեալ լերան մօտ հանրահաւաք կը կազմակերպեն` ազգային ազատութիւններ պահանջելով:


