«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կը պատրաստուի աւելցնելու դէպի Ռուսիա արտածման ծաւալները: Խօսքը միրգերու, բանջարեղէնի եւ կաթնեղէնի արտածման մասին է:
Պոլսոյ առեւտուրի պալատի ներկայացուցիչ Ահմետ Էօզեր յայտնած է. «Թուրքիան չունի ուժանիւթի աղբիւրներ, ինչպէս Ռուսիան, սակայն մենք ունինք գիւղատնտեսութիւն, ջուր: Մենք պէտք է աշխատինք անոնց հետ եւ վաճառենք մեր արտադրութիւնները»:
Ռուսիա ներածման արգելքներ սահմանած է այն երկիրներուն դէմ, որոնք պատժամիջոցներ հաստատած են Ռուսիոյ դէմ: Յիշեցնենք, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա թրքական ապրանքներու ներածման ընդլայնման մասին արձանագրութիւն մը ստորագրած են:


