
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի դրուատեց Ասիրիի ունեցած դերակատարութիւնը` ամրապնդելու Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմաններուն ընթացքին անոր ցուցաբերած իմաստուն կեցուածքները:
Իր կարգին, Ասիրի շեշտեց, որ Միքաթիի հետ իր հանդիպումը մաս կը կազմէ իր կատարած հրաժեշտի այցելութիւններուն` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ստանձնած իր դիւանագիտական առաքելութեան ընթացքին իրենց միջեւ հեզասահ գործակցութիւն տիրած է:


