Յուլիսեան պատերազմին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` ուրբաթ, 15 օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ խօսք մը:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլի դէմ պատերազմի իմաստով կարմիր գիծեր չկան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ լաւ գիտէ Հըզպալլայի զինուորական թեւի նախկին պատասխանատու, նահատակ Իմատ Մուղնիէի համապատասխան անձնաւորութեան ինքնութիւնը` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ իրենց միջամտութիւնը երբեք չ՛ազդեր Իսրայէլի համար իրենց պատրաստուածութեան վրայ:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինչպէս որ իրենք հարաւային Լիբանանի սահմանները պաշտպանած են, նոյնպէս ալ կը պաշտպանեն Լիբանան-Սուրիա սահմանները:


