Երկուշաբթի գիշեր եւ երէկ առաւօտեան հայ – ազրպէյճանական պետական սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն վրայ կրկին արձանագրուած են ազրպէյճանական կողմէ զինադադարի խախտման դէպքեր, կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան, զինադադարի խախտումներու պարբերականութեան նուազումը շարունակուած է: 11-12 օգոստոսին ազրպէյճանական կողմէն տարբեր տեսակի հրացաններէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է անկանոն բնոյթի աւելի քան 100 կրակոց, հայկական կողմէն պատասխան կրակ չէ բացուած: Հայկական կողմը տուժածներ չունի:
Ըստ հաղորդագրութեան, Հայաստանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն վստաhօրէն վերահսկել իրավիճակը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագիծին ամբողջ երկայնքին, խստօրէն հետեւիլ զինադադարի պահպանման եւ իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող միտումնաւոր խախտումներու պարագային:
Արցախ Եւս Կը Հաստատէ
Խախտումներուն Նուազած Ըլլալը
«Սահմանագիծին վրայ կը նկատուի զինադադարի խախտման դէպքերու անկում», երէկ հաղորդեց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին տուեալներով, 11-12 օգոստոսին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարը խախտուած է շուրջ 40 անգամ, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 500 կրակոց:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը խստօրէն կը հետեւին զինադադարի պահպանման եւ սահմանագիծին ամբողջ երկայնքին կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկել սահմանային իրավիճակին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:


