Ահրար Սուննա Պաալպեք փաղանգները երէկ յայտարարեցին, որ իրենք կը պատրաստեն զինուորական այնպիսի գործողութիւններ, որոնց նպատակն է «Պեքաայի էմիրութիւնը» մաքրագործել քրիստոնեաներէն:
Նոյն յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ գործողութիւնները կատարելու զերօ ժամը հետզհետէ աւելի կը մօտենայ` կոչ ուղղելով քրիստոնեաներուն հեռանալու իրենց բնակարաններէն:


