«Ախպար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սալաֆական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ զինեալ խմբաւորում մը կը ծրագրէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ առեւանգումներ կատարել եւ պատանդները փոխանակել Ռումիէի բանտարկեալներուն հետ:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, սալաֆական աղբիւրները հաստատած են, որ Ռումիէի արգելափակեալներուն ազատ արձակումը խաղաղ կերպով պիտի ընթանայ:
Ըստ սալաֆական աղբիւրներուն, զինեալ խմբաւորումը կը հաշուէ շուրջ 100 զինեալ, որոնք յարձակում պիտի գործեն հիւսիսային Լիբանանի մաս կազմող գիւղաքաղաքի մը վրայ եւ պիտի շրջափակեն զայն, ապա անոր բնակչութիւնը պատանդ վերցնեն, որպէսզի կարենան լիբանանեան պետութեան հետ բանակցութիւն կատարել` պատանդ վերցուած բնակիչները Ռումիէի բանտարկեալներուն հետ փոխանակելու նպատակով:
Այս շրջագիծին մէջ, լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի իր շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնն ու որդեգրած ապահովական միջոցառումները խստացուցած է:


