Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Հրապարակած Է Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Նոր Ցուցակը

August 1, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

07-31_EU«Էխօ Մոսքվի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու նոր ցուցակը` այն մարդոց ու կազմակերպութիւններուն անուններով, որոնց վրայ կը տարածուին անոնք:

Նոր ցուցակին մէջ յայտնուած են մեծ առեւտուրի եւ Ռուսիոյ նախագահի վարչակազմի անդամներ:

Եւրոպական Միութիւնը սահմանած է, որ ցուցակին մէջ կան այն մարդիկը, որոնք շահ ունին Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ իրավիճակի ապակայունացումէն եւ Խրիմի կցումէն: Անոնց շարքին են Քրեմլինի վարչակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Ալեքսէյ Կրոմով, գործարարներ Արկադի Ռոթենպերկ, Քոնսթանթին Մալոֆէեւ, ինքնահռչակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններուն ղեկավարները:

Նշեալ անձերուն Եւրոպական Միութիւն մուտքը արգիլուած է, իսկ անոնց դրամատնային հաշիւները` սառեցուած:

Այս ձեւով այժմ Եւրոպական Միութեան ցուցակին վրայ 95 անհատներ եւ 23 կազմակերպութիւններ կան:

Մոսկուա. «Ուժանիւթի Մարզին Մէջ
Եւրոպական Միութեան Պատժամիջոցները
Կը Յանգեցնեն Եւրոպայի Մէջ
Վառելանիւթի Գինի Աճին»

Gazeta.ru կայքը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ ուժանիւթի մարզին մէջ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը պատճառ պիտի դառնայ ուժանիւթի եւրոպական շուկային մէջ գիներու բարձրացման:

«Պրիւքսէլ պատժամիջոցներուն միջոցով ինքնակամ խոչընդոտներ կը ստեղծէ ուժանիւթի նման կարեւոր մարզի մը մէջ Ռուսիոյ հետ հետագայ համագործակցութեան համար: Անիկա անդառնալիօրէն պիտի յանգեցնէ եւրոպական ուժանիւթի շուկային մէջ գիներու աճին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Բացի ատկէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ Ռուսիոյ հետ զէնքի առեւտուրի արգելք սահմանելու մասին Եւրոպական Միութեան որոշումը անհասկնալի իրավիճակ կը ստեղծէ վերջերս Քիեւի նկատմամբ այդպիսի արգելքի վերացման լոյսին տակ:

 

 

 

Նախորդը

Մասնակցութեամբ` 50 Երկսեռ Խումբերու. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Պիչ-Վոլիպոլի Ախոյեանութիւնը

Յաջորդը

Մարսէյի Մաս Կազմող Ֆութպոլիստը Կրնայ Մաս Կազմել Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ազգային Հաւաքականին

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.