Օլիմփիք Մարսէյի 19 տարեկանէն վար խումբին մաս կը կազմէ հայ ֆութպոլիստ Սեւակ Եալիչ, կը յայտնէ ArmSport.am` իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ:
Հայկական աղբիւրին համաձայն, Եալիչ հրաւէր ստացած է Հայաստանէն` իր մասնակցութիւնը բերելու 13 օգոստոսին Երեւանի մէջ Ուքրանիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին (19 տարեկանէն վար):
Շատ հաւանաբար յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին կը յստականայ, թէ ան Երեւան պիտի ժամանէ՞, թէ՞ ոչ:
Սեւակ Եալիչ ծնած եւ մեծցած է Ֆրանսայի մէջ: Ան երկու տարի առաջ Փենաս Միրապ խումբէն միացաւ Մարսէյի եւ կը խաղայ յառաջապահ գիծին վրայ:


