
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումէն ետք «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչներուն յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծումը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ:
«Ես ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչներուն յիշեցուցած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծումը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն` նոյնիսկ համաշխարհային շատ խնդիրներու գոյութեան պարագային», գրած է ամերիկացի համանախագահը:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը կը մեկնի Վիեննա` հանդիպելու համար Մինսքի խմբակի ներկայացուցիչներուն եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը քննարկելու նպատակով:


