Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետախոյզներուն Հարցը` Ալիեւի Անձնական Հսկողութեան Ներքեւ

July 25, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ազրպէյճանցի գերի Շահպազ Կուլիեւ
Ազրպէյճանցի գերի Շահպազ Կուլիեւ

Շուրջ երկու շաբաթ առաջ Քարվաճառի տարածք թափանցած եւ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւապահներուն  կողմէ  ձերբակալուած ազրպէյճանցի հետախոյզներու` Տիլհամ Ասքերովի եւ Շահպազ Կուլիեւի հետ տեսակցութեան  կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ սպաննուած հետախոյզ  Հասան Հասանովի մարմինը վերադարձնելու ուղղութեամբ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կը գտնուին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անձնական առօրեայ հսկողութեան ներքեւ: Այդ մասին երէկ  յայտարարեց  Ազրպէյճանի գաղթականներու  եւ  տեղահանուածներու  գործերով պետական խորհուրդը:

Ըստ հաղորդագրութեան, ազրպէյճանական կողմը Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցութիւններու  շարք  մը ունեցած է տուեալ հարցով, ինչպէս նաեւ իր մտահոգութիւնը արտայայտած է` ըսելով, որ «ձերբակալուած  հետախոյզներու ճակատագիրին վերաբերեալ  տեղեկութիւն չկայ», եւ կոչ ուղղած է կազմակերպութեան  աշխուժացնելու  գործունէութիւնը այդ ուղղութեամբ, կը տեղեկացնէ  ԱՓԱ լրատու  գործակալութիւնը:

Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի ձեռնարկած միջոցառումներուն իբրեւ արդիւնք  կարելի եղած է  հայթայթել  քանի մը  լուսանկարներ, որոնցմէ  մէկուն մէջ  պատկերուած է սպաննուած Հասանովը: Ասիկա հաստատած  են անոր  հարազատները: Միաժամանակ, ըստ ազրպէյճանական  կողմին, Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդին  միջոցներով բանակցութիւններ կ՛ընթանան սպաննուածին դիակը վերադարձնելու հարցով, սակայն հայկական կողմը բանակցողներուն ըսած է, որ անոր համար անհրաժեշտ են լրացուցիչ նիւթեր:

Յիշեցնենք, որ հայկական կողմը յայտարարած է, որ գերեվարուած հետախոյզներուն պատերազմական գերիի կարգավիճակ տալը անկարելի է, ուրեմն անոնց նկատմամբ քրէական հետապնդում կ՛իրականացուի քրէական օրէնսդրութեամբ նախատեսուած ընդհանուր կարգով: Լեռնային Ղարաբաղի դատախազութիւնը հաղորդեց, որ ազրպէյճանցի երկու հետախոյզներուն  մեղադրանք առաջադրուած է:

Նախորդը

Ջաւախքցիները Զէնք-Զինամթերք Յանձնեցին Վրաստանի Իշխանութիւններուն

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծումը Պէտք Է Առաջնահերթութիւն Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ուորլիք

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։