Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Մտահոգութիւն Յայտնած Են Սահմանագիծին Վրայ Լարուածութեան Վերաբերեալ

July 25, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

24-07Minsk-groupԻնչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 22 յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկը:

ԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները խոր մտահոգութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան, բռնութիւններու սրման, ներառեալ` հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանագիծին վրայ խաղաղ բնակիչներու սպանութեան վերաբերեալ:

Մինսքի խմբակի համանախագահները կոչ ուղղած են կողմերուն` դժբախտ իրավիճակներէ խուսափելու յանձնառութիւն ստանձնելու եւ զերծ մնալու գիւղերուն եւ խաղաղ բնակիչներուն դէմ դիտաւորեալ յարձակումներէն:

Երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն նաեւ կոչ ուղղուած է մեղմացնելու ստեղծուած լարուածութիւնը եւ հաւատարիմ մնալու հրադադարի դրութեան: Համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեանց ղեկավարներուն հետ քննարկած են նաեւ երկու երկիրներուն նախագահներու մակարդակով հաւանական հանդիպման օրակարգային հարցերը` ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը խաղաղ բանակցութիւններու յառաջընթացի գործին մէջ:

Քննարկումներ եղած են նաեւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպումներ կազմակերպելու վերաբերեալ: «Համանախագահները կը շարունակեն դիտարկել անվտանգութեան շուրջ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու կարելիութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ կապերու ուղղուած ծրագիրները: Անոնք կը կարծեն, որ նման ծրագիրներ կը նպաստեն վստահութեան հաստատումին, որ անհրաժեշտ է տեւական խաղաղութեան համար», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծումը Պէտք Է Առաջնահերթութիւն Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ուորլիք

Յաջորդը

«Ճիշդ Կ՛ըլլար, Որ Օրինաց Երկիր Կուսակցութիւնը Քննարկումներու Սկսէր Ընդդիմութեան Հետ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։