Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիոնի Մէջ. Բացում` Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան

July 23, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22-07Lyons3Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Ռոն-Ալպի նահանգապետ Ժան-Ֆրանսուա Քարենսօ, Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Քոլոմպ, Ռոնի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Տանիէլ Շուզուիլ  երկուշաբթի կատարեցին  Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի խորհրդարանականներ, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, հայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ լրատու միջոցներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով` Նալբանդեան կարեւոր նկատեց  ֆրանսական այս քաղաքին մէջ  Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնումը` ընդգծելով, որ Լիոն եւ Ռոն-Ալպի շրջանը կարեւոր դերակատարութիւն ունին հայ – ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու եւ բազմաբովանդակ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ: Ան համոզում  յայտնեց, որ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը` Նիքոլայ Սարգիսովի ղեկավարութեամբ, իր կարեւոր ներդրումը կ՛ունենայ հայ – ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման գործին մէջ:

Ռոն-Ալպի նահանգապետը, Լիոնի քաղաքապետը, Ռոնի գլխաւոր խորհուրդի նախագահը իրենց խօսքերուն մէջ բարձր գնահատեցին  Լիոնի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններու որոշումը` վստահութիւն յայտնելով, որ անիկա նոր որակ եւ թափ կը հաղորդէ հայ – ֆրանսական ապակեդրոնացած համագործակցութեան:

Խօսքերէն ետք Հայաստանի օրհներգի հնչիւններուն  ներքեւ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին  առջեւ բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը, ապա Էդուարդ Նալբանդեան, Շարլ Ազնաւուր, Ժան-Ֆրանսուա Քարենսօ, Ժերար Քոլոմպ, Տանիէլ Շուզուիլ եւ Նիքոլայ Սարգիսով կտրեցին խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը:

 

Նախորդը

Ղարաբաղցի Գործարար Լեւոն Հայրապետեանի Ձերբակալման Հարց. Հայրապետեանին Տեղափոխեցին «Մատրոսսքայա Թիշինա» Մեկուսարանի Բուժարան

Յաջորդը

Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Զինուորական Լուծում Չունի»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.