
Rbc.ru կայքը կը հաղորդէ, որ ռուսերուն մօտ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վարկանիշը հասած է վերջին տարիներու ամէնէն բարձր ցուցանիշին:
Լրատուամիջոցին հաւաստումով` այդ մասին կը վկայեն ամերիկեան «Կալլըփ» հետազօտական կեդրոնին կատարած հարցախոյզը:
Ռուսիոյ նախագահի ժողովրդականութեան աճը հարցախոյզի հեղինակները կը բացատրեն ռուսերու ազգային հպարտութեամբ` 2014-ի մարտին Խրիմը Ռուսիոյ միացնելու կապակցութեամբ:
Հարցախոյզին մասնակցած Ռուսիոյ քաղաքացիներուն 83 առ հարիւրը նշած է, որ կ՛ողջունէ Փութինի որոշումները:
2008-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով ռուսերուն մեծամասնութիւնը (73 առ հարիւրը) կը հաւատայ, որ երկրի ղեկավարութիւնը քաղաքական ճիշդ ուղեգիծ ընտրած է:
Հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներուն, աւելցած է այն քաղաքացիներուն թիւը, որոնք կը կարծեն, որ երկրի տնտեսութիւնը կ՛աճի:
Ռուսիոյ քաղաքացիներուն 78 առ հարիւրը նշած է, որ վստահութիւն ունի պետութեան մարտունակութեան նկատմամբ, 64 առ հարիւրը նշած է, որ կը վստահի երկրի կառավարութեան, իսկ 39 առ հարիւրը վստահութիւն յայտնած է երկրին մէջ կատարուող ընտրութիւններու արդարութեան հարցին մէջ:


