Կիրակի, 20 յուլիսին Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները լսեցին «Հայ դատ, 100-ամեակ եւ հատուցում» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ան խօսեցաւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին` նկատի ունենալով քանի մը տարբեր մարզեր` հողային պահանջներ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ եւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններ` շեշտը դնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վրայ:
Ապա առիթ տրուեցաւ ֆորումականներուն իրենց հարցումները ուղղելու օրուան դասախօսին: Պատասխանելով հարցումներուն` Մանոյեան ըսաւ, որ պէտք է ճանաչման հանգրուանէն անցնիլ հատուցումի հանգրուանին: Ան աւելցուց, որ սփիւռքը պէտք է հատուցման մասին հարցեր բարձրացնէ թէ՛ քաղաքականօրէն, եւ թէ՛ գիտականօրէն:
Կէսօրուան ճաշէն ետք Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակիցները այցելեցին Չարենցի կամար, Գառնիի տաճար եւ Գեղարդ: Երեւան վերադարձին անոնք դիտեցին Հայաստանի Պարի պետական համոյթի ելոյթը` Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին մէջ:
Երեկոյեան ընթրիքէն ետք հաւաքին մասնակիցները վայելեցին Երեւանի գիշերային կեանքը եւ հաճելի երեկոյ մը անցուցին:
Համազգայինի 20-րդ ուսանողական ֆորումի երրորդ օրը` 21 յուլիս 2014¬ին, հաւաքին մասնակիցները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարան եւ հանդիպում ունեցան համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սիմոնեան խօսեցաւ համալսարանի բաժանմունքներուն, այլ համալսարաններու հետ համաձայնագիրներու, ինչպէս նաեւ հայագիտական ճիւղերու մասին: Ֆորումականները ուղղեցին շարք մը հարցումներ եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին ապագային Հայաստանի մէջ ուսանելու գծով: Հանդիպումի աւարտին մասնակիցները այցելեցին համալսարանի թանգարանը:
Ապա, խումբը այցելեց Երեւանի Ճատրակի տուն եւ ծանօթացաւ անոր գործունէութեան:
Ճաշի դադարէն ետք, ֆորումականները լսեցին շահեկան դասախօսութիւն մը լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի կողմէ` «Հայկական ժառանգութիւնը Ջաւախքի եւ արդի Վրաստանի մէջ» խորագիրով: Դասախօսը զեկուցեց համշէնահայութեան, Աբխազիոյ, Ջաւախքի եւ ընդհանուր առմամբ Վրաստանի հայկական համայնքին մասին` անդրադառնալով շրջանի քաղաքական եւ ժողովրդագրական պատկերին:
Իսկ երեկոյեան, ֆորումականները ներկայ գտնուեցան քարաօքէի երեկոյի մը եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամանակ անցուցին:


