«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ հսկողութիւն կատարող «Ռոսփոթրեպնատզոր» ծառայութիւնը դադրեցուցած է մոլտովական չորս ընկերութիւններէ պահածոյ բանջարեղէններու ներածումը:
Կազմակերպութեան կայքին վրայ նշուած է, որ արտադրութեան ներածումը դադրեցուած է 18 յուլիսէն ի վեր, որովհետեւ պիտակներու վրայ նշուած զուտ կշիռը չի համապատասխաներ իրականութեան:
Արգիլուած է, մասնաւորաբար «Սորվեսթ-Ակրօ», «Ալֆա-Նիսթրու», «Նաթիւր-Պրաւօ» եւ «Քովալ եւ ընկերներ» ընկերութիւններու արտադրութիւններու ներածումը:
Ռուսիա կը նախատեսէ ջնջել տուրքերու յատուկ համակարգը Մոլտովայէն ներածուող միսի, գինիի, բանջարեղէնի, միրգերու եւ հացահատիկի համար:
Մոսկուան զգուշացուցած էր, որ Քիշնեւի կողմէ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի վաւերացումէն ետք կրնայ յատուկ քայլերու ձեռնարկել:


