Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամները կարճատեւ զրոյց ունեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով զբաղող կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ:
Քննարկուեցաւ սուրիական ճգնաժամին պատճառով միլիոնաւոր գաղթականներու հարցը: Մեծ ուշադրութիւն տրուեցաւ Սուրիոյ մէջ հայկական համայնքի խնդիրներուն ու մարդկային ճգնաժամին:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ քեսապահայութեան խնդիրներն ու Թուրքիոյ դերը Քեսապի եւ Հալէպի մէջ, յատկապէս հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն դէմ ուղղուած բռնութիւններուն հարցը:


