Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դժուար Թէ Լիբանանը Կարելի Ըլլայ Շրջանային Վտանգներէն Փրկել, Այնքան Ատեն Որ Հըզպալլա Սուրիոյ Մէջ Կը Գտնուի» Շեշտեց Հարիրի

July 19, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարիրի պատկերասփռուած ճառին ընթացքի
Հարիրի պատկերասփռուած ճառին ընթացքի

Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպած ռամատանեան իֆթարի մը առիթով, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ անկեղծութիւնն ու առարկայականութիւնը մեզի կը մղեն խոստովանելու, թէ դժուար պիտի ըլլայ Լիբանանը շրջանային վտանգներէն փրկել, այնքան ատեն որ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ կը գտնուի: «Սակայն ազգային պարտականութեան գիտակցութիւնը մեզի կը ստիպէ անձնատուր չըլլալ եւ զգուշանալ դէպի անդունդը գլորելէ», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթութիւն, երկրորդ հանգրուանը կ՛ըլլայ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը, երրորդը` Սուրիայէն Հըզպալլայի նահանջը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ազգային ծրագիրի մը մշակումը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:

Հարիրի ընդգծեց սակայն, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու համար, անհրաժեշտ է կատարել նախագահական ընտրութիւններ:

Ան նշեց, որ լիբանանցիները պէտք չէ ընտելանան նախագահական թափուր աթոռին, եւ իր խօսքը ուղղելով լիբանանեան քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններուն, ըսաւ. «Լիբանանն ու լիբանանցիները մեզմէ շատ աւելի կարեւոր են»:

Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է գործակցին` վերջ տալու համար նախագահական աթոռի թափուր մնալուն եւ աւելցուց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը լիբանանեան ազգային մտայնութեան եւ մտածողութեան հիմքն է եւ այդ պատճառով է, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան այդ համաձայնագիրին` զայն նկատելով ազգային շահերուն ապահովման իսկական չափանիշ:

Հարիրի կոչ ուղղեց բոլորին հետեւելու ընկերային հարցերուն լուծման, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարգաւաճումին, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երկրին ելեկտրականութեան ու ջուրի հարցերը:

Ան շեշտեց, որ իրենք երկու տարիէ ի վեր Հըզպալլայէն կը պահանջեն Սուրիայէն հեռանալ, սակայն ցաւ ի սիրտ, Հըզպալլա այն տպաւորութիւնը ունի, որ ինք պիտի ըլլայ ասատեան վարչակարգին փրկարարը, «իսկ ճշմարտութիւնը այն է, թէ ոչ ոք կրնայ փրկել Ասատի վարչակարգը, հետեւաբար Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը խենթ ծրագիր մըն է, որ ահաբեկչութիւնը կը հրաւիրէ դէպի Լիբանան», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Հաւանական Կը Դառնայ, Եթէ Մինչեւ Օգոստոսի Կէսը Նախագահի Ընտրութիւն Չկատարուի»

Յաջորդը

Քարվաճառ. Ազրպէյճանական Ներթափանցման Հետքերով

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.