Կը նախատեսուի, որ բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով, 1 օգոստոսին Սպայից վարժարանի շրջանաւարտներուն պաշտօնական տօնակատարութիւն մը չկազմակերպուի եւ սպաներուն սուրեր չյանձնուին` նկատի ունենալով նախագահական աթոռի թափուր մնալը:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ նացիական նոր ՏԱՀԵՇ մը շրջանին մէջ տիրող բազմազանութիւնը հարուածելու նոր շրջագիծեր կը սահմանէ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ընտրել հանրապետութեան համախոհական նախագահ մը` հովանաւորելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ կարելի չէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ փափաքող այս կամ այն անձնաւորութեան համար երկրին կացութիւնը խանգարել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող հարցերուն միակ լուծումը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ երկրին օրինական մեքանիզմը կ՛ենթադրէ մնայուն ծախսերը օրէնսդրական կարգով կատարել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն առումով խորհրդակցութիւնները տակաւին անել կացութեան չեն մատնուած:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի յատուկ կողմեր լիբանանեան բանակը գրգռած են եւ զայն մղած Թրիփոլիի նստացոյցին բռնի ուժով վերջ տալու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կառավարութեան նիստի նոր թուական մը ճշդելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք համաձայն են արտակարգ եւ անհրաժեշտ հարցերու լուծման համար խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ գումարելու:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ կատարուած այն առաջարկը, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կամ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ թեկնածութիւնը յետս կոչելու պարագային, ինք պատրաստ է երեսփոխան Հանրի Հըլուի թեկնածութիւնը յետս կոչելու, պարզապէս ժոմպլաթական կատակ մըն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ օրէնսդրական աշխատանքին դիմաց պէտք չէ խորհրդարանը փակել` ի խնդիր լիբանանցիներու շահերուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Հըզպալլայի համար առաջնահերթութիւնը երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ այս հանգրուանին համախմբումին համար առաջնահերթութիւն է պահպանել քրիստոնեայ քաղաքացիներուն իրաւունքները:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մինչեւ Ֆիթրի տօնը կարելի պիտի ըլլայ հանրապետութեան միւֆթիի ընտրութեան մասին համախոհութիւն մը գոյացնել:


