
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ երեսփոխաններուն կողմէ նախագահական ընտրութեան հրաւէրին անտեսումը նախագահի պաշտօնին դէմ հարուած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային բոլոր հաստատութիւններուն աշխատանքները աստիճանաբար կը դանդաղին:
Ան կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն չորեքշաբթի, 23 յուլիսին ընդառաջելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրին եւ ուղղուելու խորհրդարան` ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահը:
Սլէյման պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնեց` կտրականապէս մերժելով Կազայի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները:
Սլէյման Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ապու Ժամրան, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժը եւ երեսփոխան Ղազի Արիտին:


