Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Կազայի Դէմ Ցամաքային Գործողութեան Ձեռնարկեց Եւ Կը Մտածէ Զայն Ընդլայնելու Մասին

July 19, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

18-07GazaԻսրայէլեան բանակը երէկ Կազայի դէմ սկսաւ ցամաքային գործողութեան մը` օդէն, ցամաքէն եւ ծովէն բուռն կերպով ռմբակոծելով պաղեստինեան շրջանը: Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտարարեց, որ գործողութեան ընթացքին սպաննուած են իսրայէլացի զինուորներ, իսկ ուրիշներ` վիրաւորուած: Քասսամի փաղանգները իրենց կարգին յայտարարեցին, որ հրասանդի 10 հրթիռներով ռմբակոծած են Պէյթ Լահիայի հիւսիսը տեղակայուած իսրայէլեան զրահապատ մեքենաները, իսկ իրենց մէկ արձակազէնը ուղղակի հարուած մը հասցուցած է իսրայէլացի զինուորի մը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու` մեկնաբանելով գործողութեան սկիզբը, ըսաւ. «Այս օրը Իսրայէլի համար վճռական է, եւ մեր ուժերը Համասի դէմ կը գործեն ցամաքէն, ծովէն ու օդէն»: Ան վստահեցուց, որ այս յարձակումը կատարուած է, որովհետեւ «փապուղիներու գոյութեան օդէն չենք կրնար վերջ տալ»: Նեթանիահու նաեւ նշեց, որ ինք գործողութեան յաջողութիւնը չի կրնար երաշխաւորել, «սակայն մեր կարելին պիտի ընենք»:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ կատարուած ցամաքային գործողութեան ընթացքին դժուար ժամանակներէ պիտի անցնի, եւ գործողութիւնը նկատեց բարդ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10¬րդ կայանը հաղորդեց, որ ցամաքային գործողութիւնը կարճատեւ պիտի չըլլայ, այլ պիտի տեւէ առնուազն մէկ շաբաթ կամ տասը օր, իսկ անոր նպատակը փապուղիներու վտանգը ջնջելն է: Իսկ Համաս շարժումը իսրայէլեան բանակին ցամաքային գործողութեան ձեռնարկելը «վտանգաւոր քայլ եւ չմտածուած» որակեց` նշելով, որ իսրայէլեան բանակը շատ սուղ գին պիտի վճարէ:

«Ժազիրա» երէկ գիշեր հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մօտ մեծաթիւ ուժեր հաւաքած է` ցամաքային գործողութիւնը ընդլայնելու նպատակով:

«Մայատին» հաղորդեց, որ ցամաքային գործողութեան զուգահեռ, Թուրքիոյ մէջ Համասի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան միջեւ զինադադարի համաձայնութեան մը փաստաթուղթի պատրաստութեան շուրջ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան` նշելով, որ զինադադարի հաստատման համար թրքական ջանքերը ձախողած են:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ յայտնեց, որ ինք կապ հաստատած է Նեթանիահուի հետ եւ վերջինս տեղեակ պահած, որ «Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան դիմելու»:

Թուրքիոյ Մէջ Իսրայէլի Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

18-07TurkeyԹրքական ոստիկանութիւնը երէկ արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` ցրուելու համար Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ իսրայէլեան դիւանագիտական առաքելութեանց առջեւ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին դէմ բողոքի ցոյց կատարողները:

Պոլսոյ մէջ Իսրայէլի հիւպատոսարանին առջեւ ցուցարարները թրքական ու պաղեստինեան դրօշները ճոճեցին եւ «Պոլիսէն ողջոյն Կազայի դիմադրութեան», «Ոճրագործ Իսրայէլ, հեռացի՛ր Պաղեստինէն» եւ «Հարուածէ՛, հարուածէ՛ Համաս, հարուածէ՛ Իսրայէլը» կարգախօսները հնչեցուցին: Խումբ մը ցուցարարներ մագլցեցան հիւպատոսարանին պատը եւ գաւազաններով ու քարերով փշրեցին հիւպատոսարանի ապակիները:

Անգարայի մէջ եւս ցուցարարներ քարկոծեցին Իսրայէլի դեսպանին բնակարանը` փշրելով անոր ապակիները: Անոնք բնակարանին պատին վրայ պաղեստինեան դրօշ զետեղեցին: Անգարայի  ցոյցին մասնակցեցան Թուրքիոյ խորհրդարանի շարք մը անդամներ:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Ահմեթ Այտըն Կազայի դէմ Իսրայէլի յարձակումը «պետական ահաբեկչութիւն» կոչեց, իսկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Մահմուտ Թանալ ըսաւ, որ պէտք է Իսրայէլին «դաս մը տրուի»:

Ցոյցերու լոյսին տակ Իսրայէլ իր դիւանագէտներուն ընտանիքները հեռացուց Թուրքիայէն:

 

 

Նախորդը

Փութին «Պոյինկ 777» Օդանաւի Կործանման Հարցին Մէջ Կը Մեղադրէ Քիեւը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.