Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգսեան Եւ Աբրահամեան Շնորհաւորեցին Հոլլանտը Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով

July 15, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան եւ դեսպան Ռենօ
Նախագահ Սարգսեան եւ դեսպան Ռենօ

Ֆրանսայի ազգային տօնի առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն: Հանրապետութեան նախագահը տօնին առիթով շնորհաւորեց դեսպան Հանրի Ռենոն, դեսպանատան աշխատակիցները եւ Ֆրանսայի ամբողջ ժողովուրդը:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան տօնին առիթով նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին:

Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ եւ լաւագոյն մաղթանքներ կը յղեմ ձեզի եւ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային տօնին առիթով: Առանձնայատուկ ջերմութեամբ կը վերյիշեմ այս տարուան մայիսին Հայաստան կատարած ձեր պետական այցելութիւնը, որ նոր լիցք հաղորդեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան եւ մեր ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական կապերու շարունակական ամրապնդման: Վստահ եմ, որ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն արդիւնաւէտ կենսագործումը կը նպաստէ առեւտրական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ հայ – ֆրանսական փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ զարգացման»:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ երկու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ առկայ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտը` հիմնուած պատմական սերտ առնչութիւններու եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ, ամուր հիմք  կը ստեղծէ բոլոր ուղղութիւններով յառաջընթաց արձանագրելու համար: Նախագահը համոզուած է, որ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով, որոնց շարքին` եւրոպական կառոյցներու ծիրին մէջ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առկայ կայուն փոխադարձ գործակցութիւնը կը շարունակէ ընթանալ ամրապնդման եւ խորացման ճամբով` ի նպաստ երկու ժողովուրդներու բարօրութեան:

«Օգտուելով առիթէն` վերստին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի այն կարեւոր առաքելութեան համար, որ կ՛իրականացնէ Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր` իր նպաստը բերելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գործին մէջ»,  Ֆրանսայի նախագահին գրած է Հայաստանի նախագահը` Հոլլանտին մաղթելով յաջողութիւններ եւ ամենայն բարիք, իսկ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին` հետագայ յառաջընթաց եւ բարօրութիւն:

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւս Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով ֆրանսական դեսպանատուն այցելեց եւ շնորհաւորեց դեսպանը, դիւանագիտական առաքելութեան անձնակազմը եւ Ֆրանսայի ժողովուրդը:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանական Հետախուզական Խումբի Վնասազերծման Գործողութիւնը Աւարտեցաւ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Նախագահութեան Քիւրտ Թեկնածուն Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Համայնքին Հետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.