Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ մէջ պատահածը կը միտի տկարացնել եւ պառակտել արաբ ազգը, ինչպէս նաեւ անոր մէջ մեռցնել դիմադրութեան ոգին:
Ռաատ յայտնեց, որ հիմնական դաւադրութիւնը Սուրիոյ դէմ է` նկատի ունենալով, որ կայ ծրագիր մը, որ կը միտի Սուրիոյ ընդմէջէն ամբողջ շրջանը ծնկադիր դարձնել մեծ պետութիւններու կամքին դիմաց:
Ան նշեց, որ երբ դաւադրական այդ ծրագիրին դէմ բուռն պայքար մղուեցաւ եւ իբրեւ արդիւնք այդ պայքարին կարելի եղաւ հաւատադրժողական կողմերուն ու ահաբեկիչներուն յաղթել, անոնց թաքստոցներն ու ինքնաշարժներ ականելու «գործարան»-ները բացայայտել ու ականները վնասազերծել, ՏԱՀԵՇ փախուստ տուաւ Իրաք եւ փորձեց արթնցնել հոն գտնուող ահաբեկչական քնացած բջիջները:
«Սակայն այս բոլորը պէտք չէ վախ ազդեն մեր վրայ, որովհետեւ Պէյրութի եւ Պեքաայի մէջ գործուած ահաբեկչութիւնները ցոյց կու տան, թէ զանոնք գործողը հոգեվարքի մէջ է:


