Նախանցեալ գիշեր Աքքարի անտառները հարուածեց հրդեհներու հսկայ ալիք մը, որ հրկիզեց Այեաթի, Տուրայի եւ Պայնոյի սնոպրիի անտառները:
Երէկ առաւօտեան վերոնշեալ շրջաններուն մէջ բռնկած հրդեհը աւելի եւս սաստկացաւ եւ անոր բոցերը հասան մինչեւ Սապայի անտառները:
Հրդեհները մարելու համար քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը աշխատանքի լծուեցան` օգտագործելով իրենց հրշէջ ուժերը, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին հակակշիռի տակ առնելու հրդեհը:
Բոցերը սակայն անկարելի եղաւ հանդարտեցնել մինչեւ երէկ երեկոյ:


