ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հինգշաբթի, 3 յուլիս 2014-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը: Այս շրջագիծին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ արդէն իսկ կառավարութեան նիստին օրակարգը բաժնած է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, այս շաբթուան ընթացքին Վատիկանէն Լիբանան պիտի ժամանէ յատուկ պատուիրակ մը` քննարկելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանները փակելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գործուող ահաբեկչական արարքները նախագահական աթոռին թափուր մնալուն պատճառով չեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց հանրապետութեան նոր նախագահին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու, որպէսզի երկիրը ճիշդ կերպով կառավարուի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւելիք յաջորդ հանգրուանը բաւական մտահոգիչ է:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ արաբական աշխարհին մէջ ստեղծեցին ահաբեկչութիւնը եւ անոնք են, որոնք տակաւին կը շարունակեն հովանաւորել ահաբեկչութիւնը:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի Թաքուա մզկիթի իմամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհի մաղթեց, որ ռամատանի ընթացքին Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն տիրէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ երկխօսութիւնը դրական արդիւնքներու պիտի չյանգի:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ սադրանքներ ստեղծելու նպատակով կը նախատեսուի սիւննիական շրջանները պայթումի թիրախ դարձնել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանական պլոքները խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգելու ի նպաստ պիտի չքուէարկեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մերժեց խորհրդարանի նստաշրջանին երկարաձգումը` կոչ ուղղելով երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, շեշտեց, որ անոր նպատակն է պահպանել կառավարութեան համախոհութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութիւնը առաջադրելու նպատակը նախագահական ընտրութեան աւելի զօրաւոր թեկնածուի մը առաջադրութիւնը խզել կը նշանակէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ցոյց կատարելու եւ պահանջելու կատարել նախագահական ընտրութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր բարձր գնահատեց ապահովական կառոյցներուն ի գործ դրած ջանքերը` ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներուն դէմ:


