Եւրասիական համարկման հոլովոյթին մէջ Հայաստան չի պաշտպաներ Ղարաբաղի շահերը: Այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ անոր, ատիկա աւելի տարօրինակ է, քանի որ Հայաստան վաղուց փաստացի կը ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի շահերը այնտեղ, ուր Ստեփանակերտ չի կրնար ինքնուրոյն ներկայանալ, օրինակ` ՄԱԿ-ին:
«Ղարաբաղը շահեր ունի՞ եւրասիական համարկման հոլովոյթին մէջ: Վստահաբար ունի: Իսկ ո՞վ պէտք է զանոնք պաշտպանէ: Ատիկա անպատասխան մնաց: Նազարպայեւ կարդաց Ալիեւի նամակը, մենք ալ պէտք է կարդայինք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի նամակը», յայտարարեց Ռուստամեան:
Ան նաեւ աւելցուց, որ հարցերը պէտք է լուծել ոչ թէ ոտքի վրայ, այլ յղացական մօտեցումներով, իսկ զանոնք ոչ ոք կը պատրաստէ:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ Ռուսիա կրնայ դժուարացնել ղարաբաղեան տագնապի լուծումը, ինչպէս ժամանակին ատիկա ըրաւ Եւրոպական խորհուրդը: «Անիկա իբրեւ անդամ երկիրներ ընդունեց ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ազրպէյճանը: Հիմա Եւրասիական միութեան մէջ միայն Հայաստանն է, եւ ատիկա կարելի էր օգտագործել մեր բանակցային դիրքերը ամրապնդելու համար: Բայց չ՛օգտագործուիր»:
Ռուստամեան չբացառեց, որ եւրոպականին պէս, Ռուսիա Ազրպէյճանի հետ քննարկէ Եւրասիական միութեան անոր անդամակցութեան հարցը: «Այդ ժամանակ Եւրասիական միութեան շրջանակին մէջ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միացեալ տնտեսական տարածութիւնը լրջօրէն կը բարդանայ»:
«Մենք գիտենք ինչ գրած ենք եւ այո՛ կը պահանջենք, խնդրելու խնդիր չունինք», Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ հարցում-պատասխան բաժինին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` նշելով, որ համագործակցութեան վերաբերեալ հաւանական բոլոր քայլերը քառեակը կատարած է եւ մինչեւ հիմա քննարկումներու ամբողջ բնոյթը այն էր, որ մղէին կառավարութիւնը դաշտ մը, ուր հատման եզրեր պիտի ըլլան:
«Կը կարծեմ, որ բառերու ետեւէն պէտք չէ իյնալ, այլ անհրաժեշտ է անդրադառնալ բովանդակութեան: Եթէ պէտք է բովանդակութեան անդրադառնան, ապա աւելի լուրջ պատասխան կը սպասենք` 12 կէտերու իրական կամ ոչ իրական ըլլալուն վերաբերեալ», ըսաւ ան:
Նախանցեալ օր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած էր, որ այդ փաստաթուղթը մշակողները, ամենայն հաւանականութեամբ, քիչ մը շտապողականութիւն ցուցաբերած են, նախանցեալ օր լեզուաշարադրական բացթողումներ ունեցած են, որովհետեւ, եթէ նպատակը համագործակցութիւնն է, ապա այդպիսի փաստաթուղթերէն պիտի բացառուին «կը պահանջենք», «կը պարտադրենք» եւ այլ հասկացողութիւնները:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, պատասխանը չ՛արտացոլացներ այն լրջութիւնը, որով քառեակը մօտեցած էր 12 կէտերու ամրագրման:
«Այդտեղ որեւէ հապճեպ բան չկայ` ի տարբերութիւն իշխանութիւններու հապճեպ բերուած նախաձեռնութիւններուն, որոնք այս պահուն կը քննարկուին Ազգային ժողովին մէջ: Քառեակը երկար ժամանակ աշխատած է այդ կէտերուն վրայ, հասարակութիւնն ալ ծանօթ է, թէ քառեակը քանի՛ նիստ նուիրած է անոր, այնպէս որ եթէ լուրջ չեն վերաբերիր անոր նկատմամբ «անոր համար ալ վիճակը այսպիսին է երկրին մէջ: Եթէ կը խօսին ականջալուր ըլլալու մասին, բայց լուրջ չեն վերաբերիր, կ՛ունենանք այն, ինչ որ ունինք: Մենք մեր հաստատումներէն դուրս չենք գար եւ կարելիութիւն կու տանք հասարակութեան հասկնալու, թէ ո՛վ ինչ կ՛ուզէ, ինչպէ՛ս կ՛արձագանգէ հակառակ կողմը: Բայց մէկ բան յստակ է` ջրբաժան է», ընդգծեց դաշնակցական պատգամաւորը` շեշտելով սակայն, որ քառեակի միացեալ հանրահաւաքը շուտ չեն կատարեր, այլ կը կատարեն ինչպէս նախանշուած է աշնան:
Արմէն Ռուստամեան, կրկին անդրադառնալով Հայաստանի նախագահի ելոյթին, կրկնեց, որ ասիկա այն հարցը չէ, որ բառերու ետեւէն իյնալով կը նսեմացուի փաստաթուղթի կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը:
«Կը պահանջենք, այո, որովհետեւ բանը բանէն վաղուց անցած է: Եւ այնտեղ ներկայացուած չէ այնպիսի հարց, որ նոր հրապարակ կը բերենք կամ անիրական է: Եթէ այդպիսի մօտեցում կայ, ապա ժամանակն է շատ համապատասխան, լուրջ եւ խորքային ըսեն, թէ ի՛նչը ատիկա չէ: Ի վերջոյ այդ պահանջները օդէն վերցուած չեն, այլ հասարակութեան պահանջներն են: Եւ այո՛, պահանջներ են, որովհետեւ եթէ անոնք այսօր չէք իրականացներ, ուրեմն մենք գործ ունինք իրավիճակի մը հետ, ուր կ՛անտեսուին հասարակութեան եւ չորս քաղաքական ուժերու բարձրացուցած հարցերը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:


