Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Տօնակատարութիւն` Արցախի Տող Գիւղին Մէջ

June 4, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2014-06-01-11.52.06ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ 1 յունիսին Հատրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ համաարցախեան ընկերային հաւաքը:

«Ապառաժր կը հաղորդէ, որ օրը տօնական էր, հարիւրաւոր կուսակցականներ հաւաքուած էին նշելու 96 տարի առաջ նոյն օրը սկսած յաղթական հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան տօնը:

Տող գիւղը պատահական չէ ընտրուած. անիկա արցախեան հերոս գիւղերէն մէկն է, որուն համար կռուած եւ նահատակուած են բազմաթիւ հայորդիներ, եւ հոն կը գտնուին արցախեան գոյամարտի դաշնակցական հերոսներ Արմենչոյի եւ Վիգէնի շիրիմները:

Հերոսներու շիրիմներուն ծաղիկներ զետեղելէ ետք, հաւաքին մասնակիցները քալեցին դէպի Տողի Մելիք Եգանեաններու ապարանքը: Ապարանքի բակին մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը: Խումբ մը երիտասարդներ համալրեցին ՀՅԴ-ի շարքերը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան:

Պետականութեան, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման պատմական նշանակութեան նիւթով ելոյթ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեան:

Ելոյթներուն յաջորդեց տօնական խրախճանքը, որուն ուղեկցեցաւ ազգային երգն ու պարը:

Նախորդը

Արցախցիները Կ՛արձագանգեն Նախագահ Սարգսեանի Յայտարարութեան. «Ամէն Հայու Պատկերացումին Մէջ Ղարաբաղը Հայաստանի Հանրապետութեան Մաս Է»

Յաջորդը

Սահակեան. «Այսուհետեւ Եւս Պիտի Կատարուի Ամէն Ինչ Արցախի Սահմանները Ամուր Պահելու Համար»

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։