Ռուսական «Տոժտ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգուած է նախագահական ընտրութեան ընթացքին ռազմափորձեր կատարելու Ռուսիոյ ծրագիրներով եւ կոչ ուղղած է Ռուսիոյ հեռացնելու զօրքերը սահմանէն:
«Ռուսական կողմի ծրագիրները խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնեն Ուքրանիոյ մէջ: Հաշուի առնելով «Աւիադարթս-2014»-ի դիպաշարը, ատոր մէջ ներգրաւուած ուժերը եւ միջոցները, ինչպէս նաեւ ժամանակակից սպառազինութիւններու օգտագործումը մեր սահմաններու անմիջական դրացնութեամբ` Ռուսիոյ այդ գործողութիւնները կը գնահատենք իբրեւ Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ եւ շրջանին մէջ առհասարակ լարուածութիւնը մեծցնելու փորձ», ըսուած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Բացի ատկէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ռուսիոյ անմիջապէս հեռացնելու ռուսական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ուքրանական սահմանէն եւ կատարելու ժընեւեան համաձայնութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Կը հաղորդուի, որ ռազմափորձերուն պիտի մասնակցի մարտավարական, բանակային, հեռաւոր եւ ռազմափոխադրութեան օդուժը:
Ուքրանիոյ մէջ նախագահի ընտրութիւնները նախատեսուած են 25 մայիսին:


