ՌԻԱ-Նովոսթի լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով առնուազն 17 զոհ արձանագրուած է եւ քանի մը տասնեակ ուրիշներ` վիրաւորուած:
Ինքնաշարժը պայթած է սահմանամերձ Պապ Սալամ բնակավայրի ինքնաշարժներու կառատան մէջ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութեան տուեալներով` զոհերու շարքին կան կիներ եւ երեխաներ:


