
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու հաւանական պատժամիջոցները Ռուսիոյ տնտեսութեան մարզերուն նկատմամբ պիտի ըլլան հիմնականին մէջ ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէ նոր ներդրումներէն հրաժարելու տեսքով:
«Մեր կողմէ մենք կը խօսինք ուժանիւթային, ելեւմտական, պաշտպանական մարզերուն դէմ պատժամիջոցներու մասին` նախ եւ առաջ ռուսական տնտեսութեան մէջ նոր ներդրումներէն հրաժարելու համար», ըսած է ան` Լիւքսամպուրկի մէջ Ուքրանիոյ հարցով տեղի ունեցած «կլոր սեղան»-ի ընթացքին:
«Նոյնպէս խօսքը այն մասին չէ, որ մենք պէտք է կոտրենք այն, ինչ որ ըրած ենք մինչեւ հիմա, սակայն յստակ պիտի հասկցնենք, որ մեր ընկերութիւնները պատրաստ չեն նոր ներդրումներու», ըսած է Նուլընտ:
Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներու այդ քայլերը պիտի առնուին, եթէ Ուքրանիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնը տապալի կամ Ռուսիան յաւելեալ զօրքեր մտցնէ այդ երկիր:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիա Միացեալ Նահանգներուն կրնայ արգիլել ռուսական անջրպետանաւը օգտագործել` հասնելու համար Անջրպետի միջազգային կայարան: Ռուսիոյ «Սոյուզ» անջրպետանաւերը ներկայիս միակն են, որոնց միջոցով ամերիկացի անջրպետագնացները կրնան Երկիրին շուրջ պտտող կեդրոն հասնիլ:
Ան նաեւ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Ռուսիա պիտի դադրի հրթիռի իր արդիական շարժակները արտածել Միացեալ Նահանգներ, եթէ յստակ երաշխիքներ չստանայ, որ անոնք պիտի չօգտագործուին զինուորական արբանեակներ ծիրի վրայ դնելու համար:


