Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով երէկ յայտարարեց, որ ռուսամէտ անջատողականներու դէմ «հակաահաբեկչական գործողութիւն» մը ընթացք առած է: Ան խորհրդարանին յայտնեց, որ գործողութիւնը սկսած է Տոնեցք շրջանի հիւսիսը եւ «հանգրուան առ հանգրուան կ՛ընթանայ պատասխանատու… ձեւով մը»: Ան ըսաւ, որ գործողութիւնը ընթացք առած է «ուքրանացի քաղաքացիները պաշտպանելու, ահաբեկումը դադրեցնելու, ոճիրը կասեցնելու եւ մեր երկիրը մասնատելու փորձերը կասեցնելու համար»:
Ուքրանական զրահապատ մեքենաներ Տոնեցքի ուղղութեամբ ընթացան, մինչ ռուսամէտ զինեալները պատրաստուեցան յարձակումը ետ մղելու:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան: Պարաք Օպամա Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղեց Տոնեցքի եւ արեւելեան Ուքրանիոյ այլ շրջաններուն մէջ գտնուող անջատողականներուն մօտ իր ազդեցութիւնը օգտագործելու, որպէսզի անոնք իրենց զէնքերը վար դնեն: Օպամա նաեւ սպառնաց Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրել: Ան Մոսկուան մեղադրեց Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ երկրի դաշնակցայնացման կողմնակիցներուն աջակցելու յանցանքով:
Փութին իր կարգին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու անհանգստութիւնը հիմնուած է «ոչ ճիշդ տեղեկութիւններու» վրայ: Ան Օպամային կոչ ուղղեց իր կարելիութիւնները օգտագործելու Ուքրանիոյ մէջ արիւնահեղութիւն եւ ուժի օգտագործում չարտօնելու համար:
Քրեմլին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ. «Ռուսական կողմը նշած է, որ Տոնեցքի, Լուկանսքի, Խարքովի, Սլաւիանսքի եւ այլ քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցերը Քիեւի ղեկավարութեան կողմէ ռուս եւ ռուսախօս բնակչութեան շահերը հաշուի առնելու անկարողութեան արդիւնք են»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց, որ Քիեւի կառավարութեան կողմէ ուժի օգտագործումը կրնայ ականահարել ուքրանական տագնապի լուծման համար հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ նախատեսուած Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումը: «Չես կրնար քու սեփական քաղաքացիներուդ դէմ հրասայլեր ուղարկել եւ նոյն ատեն բանակցութիւններ վարել», ըսաւ ան:


