Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Տագնապ. Դիւանագիտութիւնը Թափ Կը Ստանայ

March 6, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lavrov-Kerry-05032014Ուքրանիոյ տագնապի լուծման դիւանագիտական ջանքերը երէկ թափ ստացան, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փարիզի մէջ Լիբանանի օժանդակութեան շուրջ խորհրդաժողովին ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցան:

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը համաձայն են, որ պէտք է օժանդակել Ուքրանիոյ, որպէսզի գործադրէ 18 փետրուարի համաձայնութիւնը: Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու միջնորդութեամբ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի եւ ընդդիմութեան միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ Ուքրանիոյ մէջ ազգային միութեան կառավարութիւն, նախագահական ընտրութիւն եւ 2004¬ի սահմանադրութեան վերադարձ կը նախատեսուէր: Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս հերքեցին, թէ Լաւրովի հետ այդպիսի համաձայնութիւն մը գոյացած է:

Աւելի ուշ, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ քառակողմ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Լաւրով հանդիպումէն հեռացաւ առանց Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպում ունենալու եւ յայտնեց, որ հանդիպումները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին:

Մինչ այդ, Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ 11 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն առաջարկեց: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարոսօ յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու տարուան համար նախատեսուած վարկերու եւ փոխատուութեանց թղթածրարը «ծրագրուած է օժանդակելու համար (Քիեւի մէջ) յանձնառու, բոլորը ներառող եւ բարեփոխումներ կատարելու ուղղուածութիւն ունեցող կառավարութեան մը»: Ուքրանիոյ ելեւմուտքի նախարարութեան նախատեսութեամբ տնտեսութեան փրկութեան համար կարիքը կայ 35 միլիառ տոլարի:

Այլ զարգացումներու ծիրին մէջ երէկ Արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնեցք քաղաքի տեղական կառավարութեան շէնքէն վար առնուեցաւ հինգ օր առաջ այդտեղ բարձրացուած Ռուսիոյ դրօշը եւ անոր տեղ անգամ մը եւս բարձրացաւ Ուքրանիոյ դրօշը: Խրիմի մէջ զինեալներ ՄԱԿ¬ի  ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Սերրին պատանդ բռնեցին եւ անոր սպառնացին, սակայն հետագային զինք ազատ արձակեցին:

Ըստ չհաստատուած տեղեկութեանց, ռուսական ուժեր Խրիմի մէջ գրաւած են ուքրանական հակաօդային պաշտպանութեան երկու դիրքեր:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդը սկսած է օրինագիծի մը նախապատրաստումը, ըստ որուն ռուսական իշխանութիւնները պիտի կարենան ամերիկեան եւ եւրոպական ընկերութիւններէն, ներառեալ` սեփական ընկերութիւններէն բռնագրաւել կալուածներն ու դրամատնային հաշիւները: Օրինագիծը պատրաստուած է ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան խոստացած պատժամիջոցներուն:

Խրիմի վարչապետ Սերկէյ Աքսիոնով յայտնեց, որ  ինքնավար հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ներկայիս պատրաստ չէ Քիեւի հետ բանակցելու, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւնները ապօրինի կը նկատէ:

Ռուսիա Հայաստանի Իր Ռազմակայանը Համալրած Է
Կատարելագործուած «Միկ-29»-երով

«ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Ռուսիոյ Հարաւային զինուորական շրջանի գնդապետ Իկոր Կորպուլի խօսքերը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիա Հայաստանի մէջ իր ռազմակայանը համալրած է խումբ մը կատարելագործուած «Միկ¬29»¬երով:

Նախապէս «Էրեբունի» օդակայանի 3624¬րդ օդուժի ռազմակայանը առնուազն 16 «Միկ¬29 Ֆուլքրում» կործանիչներ ունեցած է, սակայն այս անգամ խօսքը 4¬րդ սերունդի «Միկ¬29» բազմաթիւ առաքելութիւններ կատարելու կարող, կատարելագործուած կործանիչներու մասին է, սակայն անոնց թիւը չի նշուիր:

Նախապէս ռուս զինուորականները յայտնած էին, որ ռազմակայանը պիտի համալրուի առնուազն 18 զինուորական փոխադրութեան եւ յարձակողական ուղղաթիռներով:

Կիւլ. «Թուրքիա Ուքրանիոյ Տարածքային
Ամբողջականութեան Կ՛աջակցի»

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Անգարայի մէջ Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան կ’աջակցի Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիան կը հետեւի Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութիւններու զարգացումներուն:

Կայքը նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 4 մարտին թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած են:  Էրտողան Փութինի ըսած է. «Ուքրանիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ճգնաժամի կարգաւորումը ուքրանացիներու գործն է»: Ըստ անոր, Ուքրանիոյ մէջ անկայունութիւնը բացասաբար պիտի ազդէ ամբողջ շրջանին վրայ:

Ըստ Քրեմլինի պաշտօնական կայքին, Փութին եւ Էրտողան քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ, մասնաւորաբար Խրիմի մէջ տիրող իրավիճակը: Ըստ կայքին. «երկու կողմերն ալ համոզում յայտնած են, որ հակառակ Մայտանի արմատական եւ ծայրայեղական ուժերու գործողութիւններուն, Խրիմի մէջ պիտի յաջողուի հաստատել միջյարանուանական եւ ազգամիջեան խաղաղութիւն ու հանգստութիւն»:

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Եւ Պահրէյն Քաթարի Մէջ Իրենց Դեսպանները Տուն Կանչեցին

Յաջորդը

Ըստ Աւիխայ Ատրահիի. Իսրայէլեան Բանակը Կոլանի Վրայ Թիրախ Դարձուցած Է Հըզպալլայի Երկու Անդամներ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.