Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ Քաթարի մէջ իրենց երկիրներու դեսպանները տուն կը կանչեն:
Անոնք նշեցին, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները Քաթարի մօտ բոլոր մակարդակներու վրայ մեծ ջանք թափած են գոյացնելու համար համաձայնութիւն մը ընթացքի մը շուրջ, որ կ՛երաշխաւորէ խորհուրդի անդամներուն ընթացքը միացեալ քաղաքական ծիրի մը մէջ, որ հիմնուած է խորհուրդի կանոնագրութեան եւ անդամ երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութեանց, որոնց շարքին` ապահովական համաձայնութեան, անդամ երկիրներէն որեւէ մէկուն ներքին հարցերուն ուղղակի կամ անուղղակի կերպով չմիջամտելու սկզբունքին, ապահովական գործունէութեան կամ քաղաքական ազդեցութեան փորձի ճամբով խորհուրդի անդամներուն ապահովութիւնը վտանգող կազմակերպութեանց կամ անհատներու աշխատանքին չաջակցելու, ինչպէս նաեւ թշնամական լրատուամիջոցներու չաջակցելուն վրայ:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ հակառակ անոր որ այդ ջանքերը պսակուած են Քաթարի համաձայնութեան ապահովումով եւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի ստորագրած է 23 նոյեմբեր 2013-ին Ռիատի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը, սակայն Քաթար զայն չէ գործադրած: Համաձայնագիրի ստորագրութենէն երեք ամիս անցած է, սակայն Քաթար այդ համաձայնութեան գործադրութեան ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլեր չէ առած: 17 փետրուար 2014-ին Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հարցին կարեւորութիւնը շեշտած են, եւ ժողովի ընթացքին Ռիատի համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան մեքանիզմի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է: Այդ ժողովին յաջորդած է 4 մարտ 2014-ին Ռիատի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որուն ընթացքին մեծ ջանք թափուած է Ռիատի համաձայնութեան գործադրութեան քայլեր որդեգրելու կարեւորութեան համոզելու Քաթարը, սակայն այդ ջանքերը ձախողած են, ինչ որ երեք երկիրները մղած է որդեգրելու իրենց ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտ միջոցառումները, որոնց առաջինը մարտ 2014-էն սկսեալ իրենց դեսպանները Քաթարէն տուն կանչելն է:
Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն յոյս յայտնեցին, որ Քաթար անմիջապէս կ՛անսայ համաձայնութեան գործադրութեան կոչերուն, ինչպէս նաեւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը որեւէ պառակտումէ պաշտպանելու միջոցառումները կ՛որդեգրէ:
Քաթարի, նախարարաց խորհուրդը ցաւ յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի որոշումին համար` նշելով, որ իր դեսպանները այդ երկիրներէն տուն կանչելով պիտի չհակադարձէ:
Նշենք, որ Քաթարի սակարանը 3 երկիրներու քայլէն ետք 3 առ հարիւրի անկում մը կրեց:


