«Իսրայէլեան» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ծովուժը երէկ արշալոյսին գրաւած է Կարմիր ծովուն մէջ Իսրայէլի ծովափէն 1500 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող զէնքերով բեռնաւորուած նաւ մը, որ Կազա կ՛ուղղուէր` աւելցնելով, որ նաւը բեռնաւորուած էր «302 Էմ» տիպի հրթիռներով, «որոնց ուղարկման ետին կը թուի, թէ Իրանը կանգնած է»:
Ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հրթիռները Դամասկոսի օդակայանին ճամբով Իրան փոխադրուած են, ուր բեռնաւորուած են նաւու մը վրայ, որ Իրաք ուղղուած է, ապա ուղղուած դէպի Սուտանի մէջ գտնուող նաւահանգիստ մը, ուր իսրայէլեան ծովուժի մասնայատուկ ուժերը զանոնք գրաւած են Էրիթրիոյ եւ Սուտանի ծովային սահմանին վրայ:
Նաւը բարձրացուցած էր Փանամայի դրօշը եւ անոր վրայ տարբեր ազգերէ 17 նաւաստիներ կային:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ այս հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին Իրանի դէմ բողոք պիտի ներկայացնէ:


