
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ վերաբերող զեկուցումին, որ կը քննադատէ այդ երկրին մէջ վերջերս տեղի ունեցող զարգացումները:
Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Ռիա Օմեն Ռույթեն իր պատրաստած զեկուցումին մէջ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ, որոնք կը վերաբերին բարձր մակարդակի փտածութեան, դատախազներու եւ ոստիկանութեան աշխատակիցներու աշխատանքէ հեռացման, «որովհետեւ ատիկա կը հակասէ դատական իշխանութեան անկախութեան հիմնարար սկզբունքին եւ մեծապէս կ՛ազդէ անկողմնակալ հետաքննութիւններու հեռանկարներուն վրայ»:
Եւրոպական խորհրդարանի զեկուցումի հեղինակը, ափսոսանք յայտնելով Թուրքիոյ մէջ կառավարութեան, դատական իշխանութեան, ոստիկանութեան եւ մամուլի միջեւ վստահութեան խաթարման գծով, կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան հաւատարիմ մնալու ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ հետագային հետաքննութիւններուն չմիջամտելու:
Զեկուցումը նաեւ կը քննադատէ Թուրքիոյ մէջ վերջերս որդեգրուած` համացանցի օգտագործումը սահմանափակող եւ արդարադատութեան մարզին մէջ ընդունուած օրէնքները:
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան հետ կապերու հարցերով Թուրքիոյ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու զգուշացած է Եւրոպական խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւին մասին որեւէ սուր յայտարարութիւններ կատարելէ եւ նշած. «Թուրքիան արժանի է, որ Եւրոպական Միութեան հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները խթանուին»:
Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Թուրքիոյ վերաբերեալ արձանագրուելիք գնահատականները պէտք է ըլլան «հաւասարակշռուած եւ կառուցողական»:
«Անշուշտ, կան կէտեր, որոնց հետ համաձայն չենք, սակայն ընդհանուր առմամբ դրական կը գնահատենք այն փաստը, որ զեկուցումը կ՛ընդգծէ բանակցային թղթածրարի նոր գլուխներու բացումը», ըսած է ան:


