ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աթէնքի մէջ յունական յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներու կողմէ ձերբակալուած Թուրքիոյ չորս քաղաքացիներուն ահաբեկչական գործունէութեան մեղադրանքներ ներկայացուած է:
Բնակարանին մէջ, ուր գտնուած են անոնք, յայտնաբերուած են զէնք, պայթուցիկ նիւթեր եւ Ազգային-ազատագրական յեղափոխական կուսակցութեան նշաններով համազգեստ: Կուսակցութիւնը կապ ունի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ:
Առաւել աղմկայարոյց ահաբեկչութիւններէն մէկը, որ կը կարծուի, թէ իրականացուցած են ատոր անդամները, նախորդ տարի Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումն էր:
Ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ձերբակալուածներէն մէկը կը փնտռուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ նոյնպէս ահաբեկչական գործունէութեան համար անոր շուրջ կասկածներ գոյութիւն ունին:


