Անցեալ տարուան 17 դեկտեմբերին` Պոլսոյ մէջ փտածութեան դէմ գործողութիւններէն ետք, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի մերժած էր Անգարա այցելութեան առաջարկը:
Ըստ «Հապերլեր»-ի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած էր, որ 20-էն 21 փետրուարին պիտի հիւրընկալեն Իրանի նախագահը, սակայն վերջինս հրաժարած է այցելութենէն` պատճառաբանելով իր «խիստ զբաղուածութիւնը»:
Նշենք, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի Անգարա այցելութիւնը եւս յետաձգուած է:


